2013-07-01 15:06:34

Ապահովական Կայունութեան Խախտում` Լիբանանի Մէջ


Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին, յատկապէս Պաքքարի շրջանին մէջ լսուեցան կրակոցներ:
Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ զինեալ բախումներ արձանագրուեցան, ինչպէս նաեւ ռումբեր ու ձեռնառումբեր նետուեցան:
Աւելի ուշ, վերսկսաւ նաեւ արձակազինութիւնը, որուն պատճառով Ժապալ Մըհսենի մէջ վիրաւորուեցաւ Մոհամետ Ապըտ Իպրահիմ անունով քաղաքացի մը:
Լիբանանեան բանակը միջամտեց ստեղծուած այս կացութեան եւ կրցաւ շուտով իր հակակշիռը պարտադրել:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ գուժեց իր զինուորներէն Ուալիտ Ռաաֆաթ Ալամէտտին Օպէյտի մահը. ան ծանրօրէն վիրաւորուած էր Թրիփոլիի կայունութեան հսկողութեան պահուն եւ երէկ առաւօտեան մահացած:







All the contents on this site are copyrighted ©.